Նարնիա...երկիր մը, ուր յաւիտենական ձմեռ է...երկիր մը, որ կը սպասէ իր ազատագրութեան։
Չորս արկածախնդիր քոյրեր ու եղբայրներ՝ Փիթըր, Սուզըն, Էտմուն եւ Լուսի Փեւեւենսիներ, հանդերձարանի մը դուռէն ներս մտնեով կը հասնին Նարնիա սառած երկիրը, ուր ճերմակ վհուկին իշխանութեան տակ՝ յաւիտենական ձմեռ կը տիրէ։ Երբ ամէն յոյս կորսուած է, հզօր առիւծին՝ Ասլանին վերադարձը, մեծ փոփոխութիւն կ՚ազդարարէ, ինչպէս նաեւ... մեծ զոհողութիւն։
Ճամբորդութիւն՝ դէպի հանդերձարանէն անդին գտնուող երկիր մը։ «Առիւծը, Վհուկը եւ Հանդերձարանը» Ք. Ս. Լուսիսի դասական հեքիաթաշարքին առաջին գիրքն է, որ 1950-ի առաջին հրատարակութենէն ի վեր կրցած է գրաւել ամէն տարիքի ընթերցողները։
Ասիկա առանձին վէպ մըն է, բայց եթէ կ՚ուզէք անգամ մը եւս այցելել Նարնիայի աշխարհը, կարդացէք «Քասպիան Իշխանը»՝ Նարնիայի Քրոնիկներու երկրորդ գիրքը։